2015-02-05 09:59:26

Գերապայծառ Ռոմերօ հաւատքի նահատակ` մեծ պաշտպանը ընչազուրկներու։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ժամանակակից նահատակներու նոր նահատակ մը'' այսպէս որակած է գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա` ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը Սան Սալվատորի հաւատքի նահատակ առաջնորդը` գերապայծառ Օսքար Ռոմերոն որ հաւատքի համար սպաննուեցաւ 24 մարտ 1980-ին, մինչ պատարագ կը մատուցանէր։
Արդարեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, վաւերացուցած է սուրբերու դատի նահատակութեան հրամանագիրը հայող` Սան Սալվատորի առաջնորդին։ Անոր երանացումը տեղի պիտի ունենայ այս տարւոյն ընթացքին իր հայրենիքին մէջ։ Ան միշտ եղած է պաշտպանը աղքատին ու չքաւորին, ինչպէս ներկայիս կ’ընէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։
Գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով` շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանչիսկոս Պապին` առաջին լատին ամերիկացի Քահանայապետ, Գերապայծառ Ռոմերօյին խորաններու պատուոյն արժանցնելուն համար։
Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը արտօնած էր անոր երանացման դատի բացումը։
Գերապայծառ Փալիա յայտնեց որ Աստուծոյ ծառայ Ռոմերոյի սպանութիւնը տեղի ունեցաւ 35 տարիներ առաջ` վարձուած ոճրագործի ձեռքով, մինչ ան պատարագ կը մատուցանէր ''Աստուածային Նախախնամութեան'' հիւանդանոցի մատրան մէջ։
Գերպայծառ Ռոմերօ Վատիկանեան տիեզերական ժողովէն ետք որոշած էր ապրիլ աղքատներուն մէջ, պաշտպանելու համար հարստահարուածները։ Այդ տարիներուն հալածանքի մթնոլորտ մը կը տիրէր կղերի ու հաւատացեալներու դէմ ու մասնաւորապէս` Հովիւի մը դէմ որ ընտրած էր ապրիլ Աւետարանի խրատներու համաձայն։
Ռոմերօ մեծ քարոզիչ մըն էր եւ կ’ապրէր մարդոց միջեւ Աստուծոյ խօսքը հրապարակաւ քարոզելով։ Անոր հակառակորդները կ’ուզէին զինք լռեցնել եւ այդ պատճառաւ Եկեղեցին կը նկատէ զինք հաւատքի ճշմարիտ նահատակ մը։
Ներկայ յեղաշրջող ժամանակներու համար Ռոմերօ արդի դէմք մըն է, որ աւետարանական արիութեամբ չգոհացաւ սկզբունքներ քարոզելէ այլ ուզեց ընչազուրկներու հետ ապրիլ, հասկցնել անոնց որ Աստուած անոնց հետ է եւ կը սիրէ զանոնք։
Գերապայծառ Ռոմերօ սակայն աղքատներով չէր բաւականանար, հարուստներէն կը խնդրէր դարձի գալ ու բաժնել իրենց ունեցածը կարօտեալներուն հետ։ Ան հաւասարապէս կ’ուզէր աղքատին ու հարուստին փրկութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.